Քեսապի նիւթական մշակոյթը

ՀՏԴ 93/94:39
ԳՄԴ 63.3+63.5
Չ 730

Կըտպագրուի ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի գիտական խորհուրդի որոշումով 

Խմբագիր՝ պ. գ. թ. Սուրէն Հոբոսեան
Գրախօսներ՝ բ. գ. դ. Արմէն Շ. Սարգիսեան, պ. գ. թ. Գէորգ Եազըճեան

Չոլաքեան Յակոբ
Չ 730 Քեսապի նիւթական մշակոյթը/ Յակոբ Չոլաքեան.-Եր.: Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ, 2020.- 264 էջ:

Քեսապի հայաբնակ գաւառակը ազգագրական ինքնուրոյն շրջան մը ըլլալով՝ ունեցած է նիւթական մշակոյթի իր ժառանգութիւնը, որ մեծ կորուստներու ենթակուած է 1909-ի Աղէտին, 1915-1919-ի Տարագրութեան եւ 21 Մարտ – 15 Յունիս 2014-ին բնիկ հայոց աքսորին կամ իրենց հայրենի շրջանէն ստիպողաբար հեռանալուն հետեւանքով: Վերջին հարիւրամեակին շրջանը երեք անգամ ենթարկուած է աւերածութիւններու եւ կողոպուտի:
Նիւթական մշակոյթի կորուստին մէջ դեր ունեցած են նաեւ բնական աղէտները, արտագաղթը եւ տնտեսութեան հիմնական փոփոխութիւնները:
Հեղինակը, այս գիրքին մէջ նոր տուեալներ եւս վկայակոչելով, կը մէկտեղէ իր նախորդ աշխատասիրութիւններուն մէջ Քեսապի գաւառակի հայոց հին տնտեսութեան ու կենցաղին վերաբերող նիւթական մշակոյթի հումքերը, տունը, հասարակաց կառոյցները, սրբավայրերը, եկեղեցական ու գերեզմանոցային շինութիւնները, գիւղատնտեսական եւ տնային իրերը, գործիքները, բանուածքներն
ու տարազը: 20-րդ դարու կէսերէն սկսեալ տեղւոյն հայոց կենցաղին եւ աշխատանքային առօրեային մէջ երեւցող նորը այս աշխատանքին մաս չի կազմեր:

Գիրքը օժտուած է գծանկարներով եւ ունի լուսանկարներու ընդարձակ ալպոմ, ուր տեղադրուած գունաւոր ու սեւ-ճերմակ լուսանկարները աւելի կենդանի պատկերացում մը կու տան խնդրոյ առարկայ նիւթական մշակոյթի արժէքներուն մասին:

Նախատեսուած է ազգագրագէտներու, արուեստաբաններու եւ ընթերցող լայն շրջանակներու համար:

ՀՏԴ 93/94:39
ԳՄԴ 63.3+63.5
ISBN 978-9939-886-02-2
© Յակոբ Չոլաքեան
© Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ, 2020

Հեղինակներ / Authors: 
Յակոբ Չոլաքեան
Աղբյուր / Source: 
ՀԱԻ
Տարի / Year: 
2020
Վայր / Place: 
Երևան